2016-07-04 13:02:00

Վարդավառը` Կոտայքի մարզին մէջ. 125 մեթր եռագոյն դրօշը Գառնիի տաճարին մէջ:


Գառնի եւ Գեղարդի Երիտասարդական ակումբներու  նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Վարդավառի նուիրուած միջազգային փառատօն մը տեղի ունեցաւ: Փառատօնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանէն եւ արտասահմանէն հայորդիներ, հարուստ էր կրօնական, ժողովրդական, մշակութային եւ  ժամանցային ձեռնարկներով:

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտ կանուխ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզի փոխմարզպետ Կարէն Մարգարեանի եւ Երիտասարդական ակումբներու նախագահ Ատոմ Մխիթարեանի կողմէ: Փառատօնի բացման ներկայացուած էին Վարդավառին նուիրուած տաղաւարներ: Իւրաքանչիւր տաղաւար կը ներկայացնէր Վարդավառի տօնին մէկ տարրը: Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերը տաղաւարներով կը ներկայացնէին Վարդավառ տօնին իրենց բնորոշ աւանդոյթները: Մարզերէն եկած մշակութային համոյթները, պարային խումբերը իրենց ելոյթներով տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին:

Ձեռնարկը  շարունակուեցաւ Գառնի տաճարին տարածքին մէջ, ուր բացուեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան  125 մեթր եռագոյն դրօշը, զոր փառատօնին մասնակիցները բարձր բռնած դարձան տաճարին շուրջ: Այնուհետեւ «Վան», «Ակունք», «Վերադարձ» եւ «Մասունք» ազգագրական երգի-պարի համոյթներու դերասաններուն մասնակցութեամբ ցուցադրուեցաւ իրենց բեմականացուցած ծիսակատարութիւնը, որուն նպատակն էր պատմել Վարդավառի աւանդական պատմութիւնը: Ծիսակատարութեան աւարտէն ետք ներկայացուեցան Վարդավառի տօնին նուիրուած ազգային պարեր եւ շուրջպար: Փառատօնի ամբողջ ընթացքին մասնակիցները պահպանեցին աւանդական այն միտքը, որ «Վարդավառի տօնին վարդաջուրով ցօղուիլը յաջողութիւն կը բերէ» եւ մէկը միւսին վրայ ջուր ցօղելով օծեցին զիրար:








All the contents on this site are copyrighted ©.